2015-12-15 12:00:00

ֆրանչիսկոս Պապին 2016-ի Խաղաղութեան պատգամը` ''Յաղթէ անտարբերութիւնը....''։


(Ռատիօ Վատիկան) Աստուած անտարբեր չէ։ Աստուծոյ համար մարդկութիւնը կարեւոր է, Աստուած զայն չլքեր։ Խաղաղութեան ամենամեծ թշնամին` Աստուած մերժումէն յառաջացած` մարդոց անտարբերութիւնն է իրենց նմաններուն նկատմամբ կը գրէ ֆրանչիսկոս Քահանայապետը իր 2016-ի խաղաղութեան համաշխարհային 49-րդ օրուայ երկարաշունչ պատգամին մէջ որ կը սկսի ողջոյնի խօսքով մը, որուն մէջ Սրբազան Հայրը, նոր տարուայ սեմին` իր բարեմաղթութիւնները կը յայտնէ ամէն մէկ այր ու կնոջ, ընտանիքներուն, ժողովուրդներուն, եւ Պետութիւններու կառավարիչներուն ու կրօնական հովուապետերուն, հրաւիրելով  չկորսնցնել  յոյսը եւ մաղթելով որ 2016ը մեզ բոլորս համախմբէ այն յանձնառութեան շուրջ իրականացնելու համար արդարութիւնը եւ գործելու վասն խաղաղութեան։ Խաղաղութիւնը որ Աստուծոյ պարգեւ է ու մարդոց գործը, Խաղաղութիւնը զոր բոլորս կանչուած ենք իրագործել։

 

Ֆրանչիսկոս Պապին խաղաղութեան  համաշխարհային օրուայ Պատգամը կը ներփակէ ապա  7 ստորաբաժանումներ.

- ներածական 

- անտարբերութեան կարգ մը կերպերը,

- ամբողջական անտարբերութիւնը կը սպառնայ խաղաղութեան,

- անտարբերութենէն անդին. ողորմութիւնը, պատասխանատուութիւնն ու յանձնառումը։

- մշակել զօրակցութեան ու ողորմութեան մշակոյթը յաղթահարելու անտարբերութիւնը։

- Խաղաղութիւնը զօրակցութեան ողորմութեան եւ կարեկցութեան մշակոյթի պտուղ

- Խաղաղութիւնը ողորմութեան Յոբելեանի նշանաբանով

 

1 – Ներածական։

Ներածականին մէջ Սրբազան Հայրը կ՛անդրադառնայ  անցնող տարուայ որ յատկանշուեցաւ պատերազմներով, ահաբեկչական արարքներով, առեւանգումներով և ցեղային ու կրօնական հալածանքներով զանազան աշխարհամասերու մէջ, դարձեալ վերահաստատելով թէ այս բոլորը կը ներկայացնեն  ''բեկոր բեկոր երրորդ աշխարհամարտ մը'' ու այս տխուր իրադարձութիւններէն մեկնելով Նորին Սրբութիւնը կը վերանորոգէ յորդորը` չկորսնցնելու յոյսը մարդու կարողութեան վրայ, յաղթահարելու չարը ու չենթարկուելու համակամութեան ու անտարբերութեան։ Սրբազան Քահանայապետը ապա կը մատնանշէ թէ յոյսի նշոյլները չեն կորսուած ու կը

վերակոչէ  Փարիզի մէջ տեղի ունեցած բնապահպանութեան ու երկրին բարօրութեան հայող համաշխարհային հաւաքը ու կը  նշէ  Ատիս Ապեպայի վեհաժողովը` որ կը ձգտի դրամագլուխներ գտնել երկրին բարգաւաճումին համար ու բոլոր ժողովուրդներուն արժանավայել կեանք մը երաշխաւորելու համար։

Եկեղեցւոյ համար 2015ը եղաւ յատուկ տարի մը, որուն ընթացքին վերակոչուեցաւ Վատիկանեան Բ Տիեզերական ժողովի երկու վաւերաթուղթերու 50-րդ տարեդարձը, որոնք կ՛արտայայտեն Եկեղեցւոյ զօրակցութիւնը աշխարհին հետ։ Երկու վաւերաթուղթերն են ''Nostra aetate'' (Եկեղեցին կանչուեցաւ երկխօսութիւն հաստատելու ոչ քրիստոնեայ կրօններու հետ ) եւ ''Gaudiun et spes'' (Հովուական սահմանադրութիւնը ապրելու Քրիստոսի աշակերտներուն ուրախութիւններն ու տխրութիւնները)։

Սրբազան Հայրը ապա կը հրաւիրէ  Եկեղեցին` Ողորմութեան յոբելեանի լոյսին տակ, աղօթելու եւ աշխատելու, ի սպաս համեստ ու կարեկցող սրտի` կարող քարոզելու ու վկայելու ողորմութիւնը, որ կը ներէ եւ օգնութեան կը հասնի կարօտեալներուն։ Որպէս արարածներ` օժտուած արժանապատուութեամբ, մենք գոյութիւն ունինք մեր եղբայրներու եւ քոյրերուն հետ յարաբերութեան մէջ, որոնց հանդէպ պատասխանատու ենք եւ որոնց հետ միասին կը գործենք զօրակցութեամբ։ Այս յարաբերութենէն դուրս մենք կը դառնանք տմարդի եւ այսպէսով է որ անտարբերութիւնը կը դառնայ սպառնալիք մարդկային ընտանիքին եւ ասոր համար, կը գրէ Քահանայապետը, կ՛ուզեմ բոլորդ հրաւիրել գիտակցելու այս իրողութեան` յաղթահարելու համար անտարբերութիւնը եւ ձեռք բերելու խաղաղութիւնը։

2 - Անտարբերութեան որոշ կերպեր։

Անտարբերութիւնը կը փակէ սիրտը, աչքերը, ուրիշը չտեսնելու համար եւ կը հեռանայ` ուրիշին հարցերուն մասնակից չդառնալու համար։ Ներկայ ժամանակաշրջանին  այս իրողութիւնը դարձած է ''անտարբերութեան համաշխարհայնացում'' կը գրէ Ֆրանչիսկոս Պապը եւ կը նշէ  անտարբերութեան զանազան ձեւեր.

Առաջին\ անտարբերութիւն հանդէպ Աստուծոյ­, որ կը յառաջացնէ անտարբերութիւն հանդէպ մերձաւորին ու արարչագործութեան։ Մարդը ինքզինք կը համարէ ինքնաբաւ, հետեւաբար ոչ մէկուն պարտական է եւ ինքզինք Աստուծոյ տեղ կը դնէ ու կը յաւակնի միմիայն իրաւունք ունենալ։ Երկրորդ` անտարբերութիւն հանդէպ մերձաւորին ապա Ուշադրութեան պակաս հանդէպ մեզ շրջապատող իրականութեան։

Սրբազան Հայրը  կը դատապարտէ հուսկ կաշառակերութիւնը,  բնութեան քանդումը, եւ ուրիշներուն նկատմամբ կարեկցութեան պակասը։

Անտարբերութիւնը պատճառ կը դառնայ կղզիացումի ու ապայանձնառումի եւ կը սատարէ փակումի ու անհոգ դիրք մը ունենալու հանդէպ Աստուծոյ, մերձաւորին ու արարչագործութեան։

3- Ամբողջական անտարբերութիւնը կը սպառնայ խաղաղութեան։

Աստուծոյ նկատմամբ անտարբերութիւնը մարդը կը մղէ միայն ինքզինք դասելու որպէս կեդրոն եւ չ՛ընդունելու գերագոյն կանոն մը, անտեսելով հասարակաց բարիքը ու նկատի ունենալով միայն սեփական շահերը։ Եւ երբ այս մէկը կը պատահի նաեւ ''պետական'' գետնի վրայ կ՛անտեսուին անձերը, անոնց ազատութիւնն ու հիմնական իրաւունքները ու այս բոլորը կը սպառնան խաղաղութեան.

4 - Անտարբերութենէն անդին Ողորմութիւնը, պատասխանատուութիւնն ու յանձնառումը։

Անցեալ տարի, խաղաղութեան համաշխարհային օրուան պատգամին մէջ, կը գրէ Սրբազան Հայրը, մատնանշեցի Աստուածաշունչի մարդկային եղբայրութեան` Կայէնի ու Աբէլի անձերու ընդմէջէն, ուշադրութեան հրաւիրելու համար թէ ինչպէս դաւաճանուեցաւ այդ առաջին եղբայրութիւնը։ Կայէնն ու Աբէլը հարազատ եղբայրներ էին, սակայն անոնց եղբայրութիւնը խզուեցաւ։ Կայէնը ոչ միայն չէր հանդուրժէր Աբէլ եղբայրը, այլ նախանձէն մղուած սպանեց զինք։ Եղբայրասպանութիւնը դարձաւ դաւաճանութեան օրինակ եւ ընտանեկան կապերու խզումի առաջին օրինակ։ Աստուած միջամտեց կոչելու մարդը իր պատասխանատուութեան։ Կայէն ինքզինք չի նկատեր պատասխանատու իր եղբօր, ան անտարբեր է։ Ինչ տխրութիւն, ինչ ողբերգութիւն։ Այս արարքը դարձաւ առաջին անտարբերութիւնը եղբայրներու միջեւ։ Աստուած սակայն անտարբեր չէ։ Աբէլի արիւնը մեծ արժէք մը ունի եւ Կայէնէն հաշիւ պահանջեց։ Նոյնը ըրաւ Տէրը երբ Իսրայէլի որդիները ստրկութեան մէջ էին Եգիպտոսին մէջ։ Մովսէսին ըսաւ. իմ ժողովուրդիս թշուառութիւնը տեսայ Եգիպտոսին մէջ, լսեցի անոր սրտաճմլիկ աղաղակը ու կը ճանչնամ անոր տառապանքը։ Իջայ ազատագրելու զայն Եգիպտոսի ձեռքէն ու ղրկելու զայն դէպի այլ երկիր`ուր կը հոսի կաթն ու մեղրը։

Նոյնպէս` Յիսուսի միջոցաւ Աստուած իջաւ մարդոց միջեւ, մարդացաւ ու զօրավիգ եղաւ մարդկութեան։ Ան չէր բաւականանար ուսուցանել ամբոխին այլ անոնցմով կը մտահոգուէր, յատկապէս երբ կը տեսնէր ամբոխին սովը, գործազրկութիւնը….։ Ան ոչ միայն կ՛ողջագուրէր համայն մարդկութիւնը, այլ եւ կը յուզուէր եւ կու լար անոնց հետ։ Յիսուս կը սորվեցնէ մեզի ըլլալու ողորմած Հօր Աստուծոյ նման, օգնութեան հասնելու կարօտեալին ու խնամելու հիւանդը։

Անտարբերութիւնը յաճախ արդարացում կը փնտռէ։ Ողորմութիւնը Աստուծոյ սիրտն է։ Այս պատճառաւ Յիսուսի աշակերտներուն սիրտը բաց պէտք է ըլլայ բոլորին հանդէպ, նոյնիսկ թշնամիներուն հանդէպ։ Մենք կանչուած ենք սէրը, կարեկցութիւնը, ողորմութիւնը ու զօրակցութիւնը դարձնել կեանքի ճշմարիտ յայտագիր։ Ասոր հասնելու համար հարկ է սրտի դարձ, այսինքն Աստուծոյ շնորհքով սրտի բարեփոխում, որպէսզի քարացած սիրտը դառնայ մսեղէն սիրտ` կարող բացուելու ուրիշներուն, զօրակցութեան միջոցաւ։

5 -Մշակել զօրակցութեան ու ողորմութեան մշակոյթ յաղթահարելու անտարբերութիւնը։ 

Զօրակցութիւնը, որպէս բարոյական առաքինութիւն ու ընկերային ապրելակերպ կը պահանջէ բազմաթիւ ենթականերու կողմէ դաստիարակչական ու կրթական բնոյթ ունեցող յանձնառում մը։

Բնականաբար ընտանիքը առաջին պատասխանատուն է, ուր զաւակներուն կը հաղորդուի սիրոյ, եղբայրութեան եւ համակեցութեան արժէքները, ինչպէս նաեւ հաւատքը։ Իսկ ինչ կը հայի դաստիարակիչներուն ու կրթիչներուն, անոնց կ՛իյնայ պատասխանատուութիւնը հաղորդելու բարոյական, հոգեւոր ու ընկերային արժէքները, ինչպէս նաեւ ազատութեան, փոխադարձ յարգանքի ու զօրակցութեան արժէքները, մարդկայնական ու եղբայրական ընկերութեան մը ի սպաս։ Նոյնպէս մշակութային ու ընկերային հաղորդակցութեան գործիչները պատասխանատուութիւն մը ունին, տրուած ըլլալով որ անոնք ժամանակակից ընկերութեան դաստիարակչական ու կրթական մարզերուն մէջ,  միշտ աւելի լայն ծաւալ կը վայելեն։ Մշակութային ու ընկերային հաղորդակցութեան գործիչներուն պարտականութիւնն է հսկել ստացած տեղեկութիւններուն վրայ, եւ ստուգել անոնց պարունակութիւնը, ըլլայ իրաւական ըլլայ բարոյական գետնի վրայ եւ ապա զանոնք տարածել օրինաւոր ու թոյլատրուած միջոցներով։

6- Խաղաղութիւնը պտուղն է զօրակցութեան, ողորմութեան ու կարեկցութեան։

Ճանչնալով ''անտարբերութեան համաշխարհայնացումի''  սպառնալիքը, չենք կրնար սակայն ժխտել այն բազմաթիւ դրական ձեռնարկները  որոնք կը վկայեն մարդու կարողութիւնը` կարեկցութեան, ողորմութեան ու զօրակցութեան'' կը գրէ Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամին վեցերորդ յատուածին մէջ ու կը մատնանշէ այն բազմաթիւ  ոչ-կառավարական կազմակերպութիւններուն ու բարեսիրական մարմիններուն որոնք յօժարակամ կը նուիրուին` Եկեղեցիէն ներս ու դուրս, բարեսիրական գործունէութիւններու, խնամելով անոնք որոնք կարիքն ունին խնամակալութեան եւ թիկունք կանգնելով գաղթականին, կարօտեալին ու թափառաշրջիկին։

''Նոյնպէս կը մտաբերեմ լրագրողները, լուսանկարիչները որոնք տեղեակ կը պահեն հանրային կարծիքը, եւ կը գործեն ի պաշտպանութիւն մարդու իրաւունքի ու ցեղային ու կրօնական փոքրամասնութիւններու, կիներու ու փոքրերու'' կը գրէ Ֆրանչիսկոս Պապ շնորհակալութիւն յայտնելով ու քաջալերելով բոլոր անոնք որոնք այդ ուղղութեամբ կը գործեն, շարունակելու իրենց աշխատանքը։ Անոնց ծարաւը արդարութեան գոհացում պիտի գտնէ, անոնց ողորմութիւնը պիտի վարձատրուի ու բոլոր խաղարարները պիտի կոչուին Աստուծոյ որդիներ։

7-Խաղաղութիւնը Ողորմութեան Յոբելեանի նշանով։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը խաղաղութեան համաշխարհային օրուայ պատգամին վերջին մասը կը յատկացնէ ''Ողորմութեան Յոբելեանին''։ Սրբազան Հայրը արդարեւ կը գրէ ''Ողորմութեան Յոբելեանի ոգիով կանչուած ենք ճանչնալու թէ ինչպէս անտարբերութիւնը կը յայտնուի իւրաքանչիւրի կեանքին մէջ'' ան ապա կ՛առաջարկէ ''դուրս գալ անտարբերութեան իրավիճակէն ու բարեփոխել մեր ընթացքը,  սկսեալ  ընտանիքէն, հարեւաններէն ու աշխատավայրէն։

Պետութիւնները եւս կանչուած են դրական քայլեր որդեգրելու հանդէպ ''դիւրաբեկին'', աղքատին, լքուածին, հիւանդին, բանտարկեալին, գաղթականին ու գործարկուածին ու յատուկէն նաեւ կիներուն։

Մեր հայեացքը ուղղելով մեր սահմաններէն անդին, պետութիւններու պատասխանատուները կանչուած են բարւոքելու իրենց կապերը այլ ժողովուրդներուն հետ, որպէսզի իրագործուի եղբայրակցութիւնը` մարդկային ազգին մէջ։

Այս հեռանկարով  կը փափաքիմ երեք կոչեր ուղղել, կը գրէ Ֆրանչսիկոս Պապը պատգամին աւարտին, խուսափելու այլ ազգերը մղելէն պատերազմի, որուն հետեւանքը ոչ միայն նիւթական, հարստութիւններու, մշակոյթի ու ընկերութեան կործանումն ու աւերն է այլ է նաեւ կործանում բարոյական եւ հոգեկան ամբողջականութեան։

Ապա կը յորդորէ ջնջել աղքատ երկիրներու պարտքը հուսկ` որդեգրել համագործակցութեան քաղաքականութիւն մը, յարգելով ժողովուրդներու արժէքներ։

Այս խորհրդածութիւնները, նոր տարուայ լաւագոյն բարեմաղթութիւններուս հետ միասին կը յանձնեմ Ամենասուրբ Մարիամի հովանիին` Հոգատար Մայրը մարդկութեան, որպէսզի իր Որդիէն Յիսուսէն` խաղաղութեան իշխանէն­, ընդունի մեր պաղատանքներու իրականացումը եւ օրհնութիւն` մեր առօրեայ յանձնառումին ի սպաս աւելի եղբայրական եւ զօրակից աշխարհի մը։  








All the contents on this site are copyrighted ©.